22.01.2016|
11:04
Եկայ Հայաստան, բայց քեզ չգտայ, մեկնած էիր դուն Վան քաղաքն արդեօք պապերուդ օրրան, գտայ «Լուսաստղ»դ ու յիշեցի մեր պտոյտները Արարատեան դաշտին մէջ վաթսունականներուն, անմոռանալի վաղարշապատցի Ռաֆայէլ Արամեանին ընկերակցութեամբը, որ Անիի պարիսպներուն տակ Կոմիտաս երգիչը կ’երգէր: